Դառնա՛նք Քրիստոսին մեր կեանքը շրջապատող անորոշութեան, տագնապներուն ու յուսահատութեան մէջ․ Արամ Ա

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԵԹՂԵՀԷՄԸ ՀՐԱՒէՐ՝ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ Աստուածաշունչին համաձայն, Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, որովհետեւ անհնազանդ գտնուեցան Աստուծոյ պատուէրին, դաւաճանեցին իրենց կոչումին, եղծեցին իրենց Աստուածային պատկերը եւ աքսորուեցան դրախտէն: Մարդուն դրախտէն արտաքսումը, որոշ իմաստով, պայմանաւորեց Աստուածային յայտնութեան շեշտաւորումը եւ ուղղութիւնը:

Այլ խօսքով, հակառակ մարդու մեղանչումին, Աստուած չհեռացաւ մարդէն: Աստուծոյ յայտնութեան աղբիւրը, Աստուածաշունչը կը պարզէ, թէ զանազան դէպքերու ու անձերու ճամբով Աստուած յիշեցուց մարդուն իր իւրայատուկ կոչումը եւ կոչ ուղղեց վերադառնալու իր Արարիչին՝ վերականգնելով իր Աստուածատուր շնորհները ու արժանիքները: Սակայն, մարդը մնաց խրած մեղքի տիղմին մէջ: Աստուած, յաւիտենական սիրոյ աղբիւրը, չէր կրնար լքել իր մեղքին գերին դարձած մարդը: Ինչպէս Աւետարանիչը կը վկայէ, Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի մեղաւոր մարդը վերադարձնէ իր երկնաւոր Հօր (Յհ 3.16):

Related Articles

ОСТАВЬТЕ ОТВЕТ

Please enter your comment!
Please enter your name here

Stay Connected

3,912ЧитателиЧитать
0ПодписчикиПодписаться
- Advertisement -spot_img

Latest Articles